Արա Պապեան
Մոտուս Վիվենտի (Modus Vivendi) հետազօտական կեդրոնի ղեկավար
2000-2006 թուականներուն եղած է Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Աշխատած է նաեւ Ռումանիոյ, Իրանի, Կիպրոսի եւ Աֆղանիստանի մէջ։
Համալսարանական կրթութեամբ արեւելագէտ է՝ 1984-ին գերազանց արդիւնքով աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը։ Աւարտած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիան (Մոսկուա), ՕԹԱՆ-ի ռազմա-դիւանագիտական ակադեմիան (Հռոմ), Օքսֆորտի (Մեծն Բրիտանիա) համալսարանի "հանրային դիւանագիտութեան" դասընթացքը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան դատարանի տարածքային վէճերու լուծման նուիրուած յատուկ դասընթացքը։
Ծնած է 1961-ին Երեւան, ամուսնացած է, ունի երկու որդի՝ Նարեկ եւ Տարօն։
Կը տիրապետէ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն լեզուներուն։ Որեւէ կուսակցութեան անդամ չէ եղած եւ չէ։ Պարգեւատրուած է մարտական եօթը շքանշանով եւ մետալով, ինչպէս նաեւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գանատայի Հայոց Առաջնորդարանի մետալներով։
Աշոտ Մելքոնեան
Աշոտ Մելքոնեան ծնած է 16 Փետրուար 1961-ին Ջաւախք: 1977-ին ոսկի մետալով աւարտած է Ախալքալաքի Դ.Դեմիրճեանի անուան թիւ 4 հայկական միջնակարգ դպրոցը։ Նոյն թուականին ընդունուած եւ 1982-ին գերազանց արդիւնքով աւարտած է Երեւանի համալսարանի պատմութեան հիմնարկը։ Ապա եղած է թեկնածու։ 1989-ին պաշտպանած է թեկնածուական թէզ՝ նուիրուած Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրում նահանգին։
1986-ին աշխատանքի անցած է Հ.Հ. Գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկէն ներս։ Յուլիս 2002-էն պատմութեան հիմնարկի տնօրէնն է։ 2004-ին ստացած է դասախօսի գիտական կոչում, 2014-ին ընտրուած է ակադեմիկոս, տարբեր տարիներու արժանացած է բազմաթիւ մետալներու, մասնակցած է միջազգային տասնեակ գիտաժողովներու։
Ան հեղինակ է 15 գիրքի եւ 10 լեզուներով տպագրուած շուրջ 400 գիտական յօդուածներու։
Արմէն Ասրեան
Ծնած է 1971-ին Երեւան։ 1988-ին աւարտած է միջնակարգ դպրոցը։ 1989-ին ընդունուած է Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) պատմութեան եւ իրաւագիտութեան բաժինը։
1997-2002-ին եղած է ՀՊՄՀ հայոց պատմութեան ամբիոնի հայցորդ (թեկնածու)։ 2004-ին պաշտպանած է թեկնածուական թէզ՝ "Արամ Մանուկեան. կեանքը եւ գործը" թեմայով եւ ստացած պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։
2009-ին ստացած է դոցենտի գիտական կոչում։
1997-2005 թուականներուն աշխատած է Զարգացման հայկական պանքի անվտանգութեան եւ անձնակազմի սպասարկման բաժնին մէջ։
2005-2014 թուականներուն դասախօսած է ՀՊՄՀ-էն ներս իբրեւ Հայոց պատմութեան ամբիոնի դոցենտ։ Միաժամանակ դասախօսած է կարգ մը մասնաւոր բուհերէ ներս։
2007-էն մինչեւ օրս կ՚աշխատի Հ.Հ. կառավարութեան աշխատակազմի "Գնահատման եւ փորձարման կենտրոն" ՊՈԱԿ-ի մէջ իբրեւ գլխաւոր մասնագէտ։
2014-2017 թուականներուն համատեղութեան կարգով աշխատած է ՀՊՄՀ յենակէտային վարժարանէն ներս (աւագ դպրոց) իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ։
Մասնակցած է ներբուհական, հանրապետական եւ միջազգային տասնեակ գիտաժողովներու, դասախօսութիւններ տուած է Հ.Հ. եւ Արցախի Հանրապետութեան բանակային զօրամասերու մէջ, եղած է հայ պետական գործիչներուն նուիրուած պետական շարք մը միջոցառումներու եւ ֆիլմերու խորհրդատու։
Հեղինակ է "Արամ Մանուկեան. կեանքը եւ գործը (ազատագրական շարժման եւ անկախ պետականութեան վերականգնման ուղիներու մէջ)" մենագրութեան։
Գիտական հետաքրքրութիւնները կ՚ընդգրկեն Արամ Մանուկեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը, հայ ազատագրական շարժման, հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը։ Հեղինակ է երկու մենագրութեան, աւելի քան երեք տասնեակ գիտական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ ուսումնական ձեռնարկի եւ ուսումնաօժանդակ գրքոյկի։
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։
Խաչատուր Ստեփանեան
Ծնած է 2 Դեկտեմբեր 1976-ին, Ջաւախքի Ղադոլար գիւղը։ 1993-ին աւարտած է միջնակարգ դպրոցը։
1994-1998 թուականներուն ուսանած եւ աւարտած է Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական հիմնարկի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան համալսարանի պատմութեան բաժինը։ 1998-2001 թուականներուն ուսանած է նոյն բուհի ասպիրանտուրայի մէջ 'Հայոց պատմութիւն" մասնագիտութեամբ։
2004-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Ռուբէն Տէր Մինասեան. կեանքը եւ գործը» թեմայով։
2009-ին ստացած է դոցենտի կոչում։
2018-ին պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն՝ «Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930-ական թուականներ)» թեմայով։
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր է։
2004-ին մասնագիտական վերապատրաստում անցուցած է Ս.Փեթերզպուրկի համալսարանէն ներս։
2009-2010 թուականներուն ուսանած է Եւրոպայի Խորհրդի քաղաքական դասընթացքներու երեւանեան դպրոցէն ներս։
2010-ին լիտերութեան դասընթացքներ անցուցած է Եւրոպայի խորհուրդի ամառնային համալսարանէն ներս (Սթրազպուրկ)։
2011, 2012 թուականներուն երկու անգամ մասնագիտական վերապատրաստում անցուցած է Կեդրոնական Եւրոպական համալսարանէն ներս (Պիւտափեսթ)։
2000-2001 թուականներուն աշխատած է Հ.Հ. կառավարութեան առընթեր տարածաշրջանային համարկումի վարչութեան մէջ իբրեւ լրատուական-վերլուծական բաժնի առաջատար մասնագէտ։
2001-ին ասպիրանտական ուսումը աւարտելէն ետք վերադարձած է հայրենի Ջաւախք։ 2001-2006 թուականներուն Ախալքալաքի մէջ հիմնած եւ ղեկավարած է «Ա-ԻՆՖՈ» լրատուական կեդրոնը։ Նոյն տարիներուն եղած է Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող-ներկայացուցիչը։
2006-ի Սեպտեմբերէն ի վեր կը դասաւանդէ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամբիոնէն ներս։
2016-ին Պիւտափեսթի Փիթըր Փազմանի Կաթոլիկ համալսարանի Հայագիտութեան ամբիոնի այցելու դասախօս է։
Խ.Ստեփանեան կը զբաղի 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920), հայ-վրացական փոխ-յարաբերութիւններու, 1920-1930-ական թուականներու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի պատմութեան հիմնահարցերով։
Հեղինակ է երեք մենագրութիւններու, շուրջ 70 գիտական եւ գիտամեթոտական յօդուածներու։ Խմբագրած եւ հրատարակութեան ներկայացուցած է առաջին հանրապետութեան գործիչներու աշխատութիւններ։ Համահեղինակ է մէկ ուսումնական ձեռնարկի։ Մասնակցած է բազմաթիւ ներբուհական, հանրապետական եւ միջազգային գիտաժողովներու։
Կը տիրապետէ անգլերէն, ռուսերէն եւ վրացերէն լեզուներուն։
Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ։